2013-12-19 10:48:11

Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու «ճամբու քարտէս»-ի հարցը պիտի քննարկուի 24 դեկտեմբերին


«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, հաղորդեց, որ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի ղեկավարները 24 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ընթացքին պիտի քննարկեն Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիի անդամ պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան ուղղութիւնները:
«Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները պիտի քննարկեն Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիի անդամ պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ 1 յունուար 2015-ին Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման աշխատանքներու ընթացքը: Պիտի քննարկուին «ճամբու քարտէսներու» պատրաստման հարցերը` Խըրխըզիստանի եւ Հայաստանի միացումին վերաբերեալ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.